«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախքան օրակարգային հարցերու քննարկումը՝ փոխվարչապետը շնորհաւորած է բոլոր վերանշանակուած եւ նորանշանակ նախարարները եւ մաղթած անոնց բեղուն աշխատանք՝ ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՀ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ Տիգրան Աւինեան անդրադարձած է ՊԵԿ-ի կողմէ առաջարկուող նոր դրոշմապիտակներուն եւ չարորակ հիւանդութիւններու վիրահատական բուժումին վերաբերող հարցերուն: Փոխվարչապետը նշած է, որ նոր դրոշմապիտակները շուտով կը դրուին շրջանառութեան մէջ, իսկ չարորակ հիւանդութիւններու վիրահատական բուժումը այսուհետ կ’իրականացուի բացառապէս պետական պատուէրի ծիրին մէջ ամբողջ բնակչութեան համար:






