Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Սրտագին կոչ մեր ժողովուրդին. Նողկալի սրբապղծութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն հանդէպ

«Հայր, ներէ անոնց, անոնք չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն» (Ս. Գիրք)

 

            ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան հոգելից տօներուն առիթով, մեր ժողովուրդը ծովածաւալ բազմութեամբ մը ողողած էր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարը եւ անոր յարակից մասնաբաժինները:

            Օրուան պատարագիչն էր Թեմիս սիրեցեալ Առաջնորդ, մեր եկեղեցւոյ փայլուն կղերականներէն Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:

            Դժբախտաբար, այդ օր եւ անկէ քանի մը օր առաջ, Մայր Տաճարի դիմացի մայթին մօտ, երկու ոչ հայ պատանիներ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով պաստառ մը բռնած էին, պահանջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մեր Առաջնորդին հրաժարականը:

            Այս արարքին ետին կանգնած էր մամլոյ բարոյազուրկ գործիչ մը, որ այս պատանիներուն ուղղութիւն կու տար եւ նկարահանումներ կ՚ընէր՝ ձախ աջ վազվզելով:

            Այդ լրագրող կոչեցեալը եւ իրեն նիւթապէս հովանաւորողները, անամօթաբար այդպիսի պիղծ եւ անշնորհք գործի լծուած էին, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կղերականները օտարներուն աչքին առջեւ նսեմացնելու:

            Նմանապէս, այս լրագրողը հայկական հեռատեսիլի մգլոտած յայտագրէ մը քանի մը ելոյթ ունենալով, ստապատիր, անհիմն մեղադրանքներով բացարձակապէս սուտ տեղեկութիւններ կը հաղորդէր:

            Յիշենք, թէ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդը, թեմի 51 ծուխերու կողմէ ընտրուած Պատգամաւորական ժողովի եւ Աստուծոյ կամքով կ՚ընտրուի, եւ ոչ թէ քանի մը անձերու ձաբռտուքներով այդ պաշտօնին կը հասնի:

            2003-ին, մեր թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Այդ թուականէն ի վեր Արեւմտեան թեմը իր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, հայրենաշէն գործունէութիւններով ԻՐ ՈՍԿԵԴԱՐԸ Կ՚ԱՊՐԻ: Անձ մը աչքով կոյր եւ մտքով կաղ պէտք է որ ըլլայ, չտեսնելու համար Արեւմտեան թեմի փառաւոր վիճակը եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութիւնը մեր եկեղեցիներէն ներս: Այս բոլորը եղած են մեր երիտասարդ, տքնաջան եւ Աստուածատուր տաղանդներով օժտուած սիրելի Առաջնորդին ղեկավարութեամբ:

            Այսու գիրով, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ մեր թանկագին, շինարար, բազմավաստակ Առաջնորդին նսեմացնող այս բամբասանքները, եւ մեր անվերապահ եւ ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր թեմի արժանաընտիր Առաջնորդին, աղօթելով որ Աստուած պահէ եւ պահպանէ եւ ծառայութեան երկար օրեր պարգեւէ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհիկ բոլոր սպասարկողներուն:

 

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին