Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարը

Հինգշաբթի, 24 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանը։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միացեալ ճիգերով Լիբանանի Խորհրդարանին ներկայացնելիք Ապրիլ 24-ին առնչուած բանաձեւի մը շուրջ։ Յիշեալ բանաձեւին նպատակն է Ապրիլ 24-ը հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ Օսմանեան թուրք կայսրութեան կողմէ կատարուած ջարդերու յիշատակին ազգային օր։

Նորին Սրբութիւնը գնահատելով ողջունեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը եւ առաջարկուելիք բանաձեւին գծով կարգ մը թելադրութիւններ կատարեց։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին