Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոյս տեսաւ ընթերցող լայն զանգուածներուն քաջածանօթ գրագէտ, բանասէր, թարգմանիչ, ազգ.-հաս. գործիչ, վաստակաշատ դասախօս Յովսէփ Նալպանտեանի «Միջազգային պատմութիւն» փառաշուք հատորը (Երեւան, 2018, 720 էջ), որ համաշխարհային անցուդարձերու, նուաճումներու, ձեռքբերումներու եւ կորուստներու ժամանակագրութիւնն է, սկսեալ 1789-էն մինչեւ 2015 թուականները:

            Սոյն գիրքը իւրայատուկ ձօն է Էրեբունի-Երեւան մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակին:

            Ի՞նչն է, որ չափազանց բնորոշ է գրագէտ Յովսէփ Նալպանտեանին: Ան աշխարհի պատմութեան ծիրէն ներս ըստ արժանւոյն կը ներկայացնէ ինչպէս միջազգային անցուդարձը, այնպէս ալ հայ ազգի, մեր մեծերու ձեռքբերումները՝ առարկայական օրինակներով: Հեղինակը հսկայական գործ կատարած է, ի մի բերելով միջազգային իրադարձութիւններու, խորհրդանշական անցուդարձերը եւ այլն: Շնորհիւ այս աշխատութեան ընթերցողը տեղեակ կ’ըլլայ, թէ միջազգային Նոպէլեան մրցանակները ըստ տարիներու ո՛ր երկիրներու գրողները, եւ այլ մասնագիտութեան, ստացած են: Նաեւ տարբեր երկիրներու ղեկավարներ (նախագահներ, վարչապետներ) քանի տարի պաշտօնավարած են եւ այլն:

            Այս հսկայածաւալ հատորի նախամուտքին բերած է Հենրի Միլըրի դիպուկ ասոյթներէն մէկը. «Աշխարհի պատմութիւնը, պատմութիւնն է առանձնաշնորհեալ քիչերու»: Յովսէփ Նալպանտեանը այդ առանձնաշնորհեալ քիչերու մէջ կ’ուզէ աւելի շատ հայորդիներ ըլլան, հայ ընթերցողը քաջատեղեակ ըլլայ ոչ միայն այսօրուան իրականութեանը, այլեւ ոչ վաղ անցեալին եւ մանաւանդ ապագայ ակնկալիքներուն:

            Կը թերթատես այս ծաւալուն հատորը եւ կը խորհիս, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կը հասցնէ հեղինակը ի մի բերելու, հանրագիտարանային տեսքի բերելու հազարաւոր թիւեր ու փաստեր, դէմքեր եւ դէպքեր: Չմոռնանք, որ ան հեղինակ է մօտ 7,000 էջ ծա-ւալի մենագրութիւններու: Ինչ կը վերաբերի «Միջազգային պատմութիւն» հատորին, ըսենք, որ միայն անձնանուններու ցանկը (68 էջ) կը պարունակէ շուրջ 5,000 անուն-մականուն:

            Հեղինակը բարեխղճօրէն կը ներկայացնէ, թէ ո՛ր թուականին եւ ո՛ւր բացուած է այս կամ այն հայկական ամէնօրեայ վարժարանը: Այդ կապակցութեամբ արժէ նշել, որ վերջին տարիներուն Յովսէփ Նալպանտեանը ստիպուած էր բազմիցս շեշտել, որ Սփիւռքի տարածքին բազում վարժարաններ գոցուած են եւ այլ կրթօճախներ այդ ճա-նապարհին են…:

            Եւ այդպէս բազում թիւեր, փաստեր, տարիներ, տարբեր տուեալներ, արժանայիշատակ դէպքեր: Թերթատելով այս արժէքաւոր հատորը, ընթերցողը ոչ միայն կը ծանօթանայ համահաւաք տուեալներու, ապացոյցներու արտաքին կողմին, այլեւ կը խորանայ բազում երեւոյթներու խորքին մէջ, կ’ըմբռնէ, թէ ինչպէս տեղի կ’ունենայ մարդկային զարգացումն ու առաջընթացը: Ահա հէնց այդ իրողութիւնը հաշուի առնելով, կը կարծենք, որ սոյն հրատարակութիւնը պէտք է իր մնայուն տեղն ունենայ կրթական հաստատութիւններու գրադարաններէն ներս, մշակութային կեդրոններուն եւ առհասարակ իւրաքանչիւր հայորդու տունին մէջ եղած թէկուզեւ քանի մը տասնեակ գիրքերու շարքին:

            Արժէ նշել նաեւ, որ Յ. Նալպանտեանին գիրքին մէջ կան նաեւ բացառիկ փաստաթուղթերու պատճէններ, վաւերաթուղթեր (եւ քիչ չեն ատոնք), որ ոչ միայն հայ պատմաբանը, այլեւ իւրաքանչիւր հայորդի հարկ է ծանօթանայ, աւելի խորը ըմբռնելու համար անցեալի (եւ ոչ միայն) դէպքերու եւ դէմքերու իրական վիճակները (օր. էջ 275-276, 329-339, 340-341, 348-349 եւ այլն):

            Այսպէս, աշխատասիրութեան 328-րդ էջը կը ներկայացնէ շատ կարեւոր փաստ մը: Պատրիարք Մատթէոս Իզմիրլեանի խորհուրդ-խրատը: «Զգոյշ եղէք եւ խոհեմ ձեր պահանջներու ատեն, ձեր ամէն մէկ քայլը կ’արձանագրուի անոնց (իմա՝ թուրքերու, Ա.Ս.) ոճրածին գլուխներուն մէջ…»: Ինչպիսի՜ հեռատեսութիւն…

            Մէկ այլ փաստ եւս: Բժիշկ Մահզար Օսմանի Կոմիտաս վարդապետի հիւանդութեան մասին տուած տեղեկագիրն իր թարգմանութեամբ (տե՛ս էջ 365):

            Գիրքը տպագրուած է «Էտիթ Պրինտ» հրատարակչութեան տպարանում:

            Այսպիսով, շնորհիւ Յովսէփ Նալպանտեանի գիտական այս նոր հրատարակութեան հայ ընթերցողն իր ձեռքի տակ կ’ունենայ համապարփակ համայնագիտարան մը, միջազգային պատմութեան ժամանակագրութիւնը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է:

            Խորհրդանշական է գիրքի մէջ բերուած մէջբերումներէն մէկը, որ կը պատկանի Մխիթար Անեցիին. «Պատմութիւնը մեռած գիտութիւն չէ եւ անոր կարեւոր խնդիրներէն է՝ նաեւ կողմնորոշելը ու անցեալի լոյսով ապագան լուսաւորելը»: Հեղինակը՝ Յովսէփ Նալպանտեանը, հայ ընթերցողին կը տրամադրէ բացառիկ արժէքի լուսարձակ մը, որ վստահաբար կ’օգնէ հայ ընթերցողին կողմնորոշուելու  եւ  «անցեալի լոյսով» ներկան եւ ապագան աւելի ընդգրկուն տեսնելու:

            Վարձքդ կատար, վաստակդ արդար հայ մատենագիտութեան եւ միջազգային պատմութեան խորահմուտ գիտակ եւ անխոնջ մշակ Յովսէփ Նալպանտեան:

ԱՐՏԵՄ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, Բանասիրական գիտութիւններու Դոկտ.-Փրոֆեսոր

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին