Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Մասնակցած Է Տաւոսի Մէջ Ընթացող Քննարկումներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի մէջ ընթացող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս մասնակցած է Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու «Աշխարհը համաշխարհայնացումի ժամանակաշրջանին» խորագրով ոչ պաշտօնական ճաշին: Միջոցառումին ելոյթներով հանդէս եկած են Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի հիմնադիր եւ գործադիր նախագահ Քլաուս Շուապը ու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու ոչ պաշտօնական հաւաքին, որ տեղի ունեցած է «Եւրոպայի շրջադարձային պահը» խորագրի ներքոյ: Այս ծիրէն ներս զեկոյցներով հանդէս եկած են Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսը եւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին