ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 16-ին, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան այցելեց Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Ճարտարագէտներու եւ Գիտնականներու ընկերակցութեան (Armenian Engineers and Scientists of America, Inc.) նախագահ Ճոն Շիրաճեանի, AESA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վարդան Գէորգեանի եւ Երեւանի Պոլիտեխնիկական համալսարանի Շրջանաւարտից միութեան նախագահ Ժիրայր Աբրահամեանի:
Հայրենի յարգելի նախարարը դիմաւորուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Տիկ. Թալին Եագուպեանի, Վարժարանիս Հոգաբարձական կազմի ատենապետ Պրն. Գէորգ Զօրեանի, հոգաբարձական կազմի անդամ Տիկ. Ալիս Չաքրեանի, վարժարանիս Կրթական մարմինի ատենապետ Պրն. Վահէ Մարգարեանի, տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեանի, փոխտնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Նալպանտեանի եւ Հայերէնի բաժանմունքին կողմէ:
Ջերմ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու նոր Հայաստանի դիմագրաւող նոր խնդիրներուն եւ յաջողութիւններուն, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքը փոխարինելու եկող նոր մարմիններուն մասին` ինչպէս Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, որ յետայսու կարեւոր դեր պիտի ստանձնէ այս առումով: Հիւրերուն հետ անդրադար եղաւ նաեւ փոխադարձ գործակցութեան, սփիւռքի դերին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներկային եւ վարժարանիս յաջողութիւններուն մասին:
Յարութիւնեան կարեւորեց սփիւռքի ներուժը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու եւ գործակցելու: Ան շեշտեց դպրոցներուն դերը, որակեալ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալը պայման սեպելով համայն հայութեան համար:
Հիւրերը տնօրէնութեան գլխաւորութեամբ, որուն միացաւ նաեւ Նախամանկապարտէզի տնօրէնուհի Տիկ. Թագուշ Խոդաբախշեանը, այցելեցին տարբեր տարիքի դասարաններ, զրուցեցին ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ, ծանօթացան վարժարանիս արդիական պայմաններուն:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ






