«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հինգշաբթի առաւօտեան մօտաւորապէս 1000 սուրիացի գաղթականներ կամաւորապէս վերադարձան երկիր՝ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութեան:
Վերջինիս՝ Չորեքշաբթի կատարած յայտարարութեան համաձայն՝ կամաւորներու տունդարձը իրականացաւ Ապպուտիէ, Պուրճ Համուտ, Նապաթիէ, Սայտա եւ Թրիփոլի շրջաններու հաւաքակայաններէն, ինչպէս նաեւ Մասնաա սահմանային անցակէտէն:
Նշենք, որ անցեալ ամիս գործակալութեան պետ Ապպաս Իպրահիմ յայտարարեց, թէ 2018-ին ընդհանուր առմամբ 110000 սուրիացի գաղթականներ վերադարձած են Սուրիոյ Հանրապետութիւն: Այս մասին ատենին հաղորդեցին տեղական լրատուամիջոցները:






