Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Զարմանազան՝ աննախընթաց երեւոյթ մը Կազմակերպուած անկազմակերպուածութիւն մը Ալպեան լեռներուն մէջ, ուր ձայներուն արձագանգէն հայերէն կը լսուի

Զրոյց Անի Կարմիրեանի հետ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ ամառ՝ 2018-ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն, որպէս հայոց լեզուի ուսուցչուհի «Զարմանազան»-ի ծրագիրին մասնակցած էր Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեանը ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք լայն հատուածներ «Զարմանազան»-ի ճարտարապետներէն Դոկտ. Անի Կարմիրեանին հետ կատարած անոր հարցազրոյցէն։

«ՆՈՐ ՕՐ» 

 

Անի Կարմիրեան, Պոլսոյ հայախօս եւ մտաւորական ընտանիքի զաւակ, որ միշտ փնտռած էճամբայ ելած է փնտռելու եւ լուծումներ գտնելու։ Պոլիսէն Գերմանիա, Իտալիա, Ֆրանսա, ԱՄՆ եւ վերջապէս Փորթուկալ։ Լեզուաբանութեան եւ մանկավարժութեան մասնագիտութիւններ կրելը իր փնտռտուքին ճամբուն վրայ բաւարար չէին, որովհետեւ ան լեզուներու սիրահար է, ուր միշտ կը փնտռէ թէ «նոյնը հայերէնով ինչպէս կ՚ըլլայ»։ Այդ հարցումը մտասեւեռում եւ երազ դարձած է իրեն համար, մանաւանդ լեզուի փոխանցման անհրաժեշտութիւնը երեխային եւ այդ պայմաններուն մասին մտածելը։ Շնորհիւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին իր երազին, միասնաբար ստեղծեցին Մկնիկը Փարիզի մէջ։ Հոն հայախօս երեխաներ անհամբեր մաս կը կազմէին մուկերու Շաբաթօրեայ ժողովին։ Ձեւով մը անոնց առօրեայէն դուրս, իրենց հետ աճեցաւ այդ փորձառութիւնը՝ լեզուն կարենալ ապրեցնելու, փոխան դասաւանդութեան։ Այս գաղափարը այնքան ուժեղ էր, որ չաւարտեցաւ։ «Տղաքը,– ինչպէս Կարմիրեան կ՚ըսէ,– ուզեցին մնալ, մեզի հետ աճիլ եւ այսօր մեր ուղեկիցներէն մաս մը Մկնիկին փորձառութենէն ծնած-մեծցածներն են։ Այսինքն, սերունդ հասցնելը այս է չէ՞. սերունդ մը, որ իրարու հետ բնականօրէն հայերէն կը խօսի։ Այս սերունդը յաջորդին կը փոխանցէ իր էութիւնը, կը փաստէ նաեւ, թէ կարելի՛ է, նոյնիսկ թիւով նուազ, սակայն կարելի է»։

Մկնիկը սկիզբն էր միայն, Կարմիրեան տարբեր երկիրներ բնակելէ ետք Յովնանեան վարժարանի տնօրէնուհին եղած շրջանին, նոր փորձառութիւն մը կամ փորձարկութիւն մը ունեցած է նաեւ։ Դպրոցէն ներս հայկական յատուկ միջավայր կը ստեղծէ, ուր բնաւ չի ժխտեր անգլերէնի գոյութիւնը, քանի որ Ամերիկայի մէջ կը գտնուէր, բայց նաեւ կը ստեղծէր պայմաններ դասարանի պատերէն դուրս նաեւ աւելի ամբողջական աճելու ու մեծնալու համար որպէս հայ։

Զարմանազանը միշտ երազ մըն էր Անիին միտքին եւ փնտռտուքին մէջ։ Ստեղծել այդ վայրը, որուն մէջ լեզուն բնականօրէն՝ առանց ստիպելու, գոյութիւն ունենայ, որ ծառայէ մտածելու, ստեղծելու եւ միասնաբար զիրար ամբողջացնելով իբրեւ ապրող լեզու, օրուան ամէն նիւթի եւ պէտքերուն մասին խօսելու վայր մը դառնայ։

Անհաւատալի է որ նման վայր մը պատկերացնել, ուր կարելի ըլլայ ներկաները՝ մեծահասակ թէ երեխայ, ներգրաւուին, հետաքրքրուին մասնակցելու, պատասխանատու զգան, պատկանին եւ մաս կազմելով «երազային այս աշխարհին» լեզուն գործածելու բնական առիթներ ունենան։ Փափաքին եւ ցանկան առանց պարտադրանքի այդ լեզուն խօսիլ, այսինքն ինչպէս ոեւէ լեզու մը այդ երկրին մէջ կը գործածուի, մարդիկ բնականօրէն հաղորդակցին արեւմտահայերէնով։ Հակառակ ներկայ պայմաններուն տակ դպրոցներուն մէջ գործող բաւական տանջուող ուսուցիչներուն, ուր աշխատանքին մեծ մասը անոնց ուսերուն վրայ դրուած է,– միեւնոյն ժամանակ անոնք մեղաւոր չեն, որովհետեւ միասնաբար լուծումները փնտռելու եւ գտնելու պայմանները չկան,– ուսուցիչներն ալ կը գիտակցին, թէ հարցեր կան. ուրեմն անոնք ալ պէտք է որ ներկայ գտնուին ձեւով մը, որպէսզի միասին տեսնենք կարելի՞ է թէ ոչ։ Ստեղծել վայր մը, միջավայր մը, ուր երեխաներն են որոշողները, առանց գիտնալու թէ իրենք են որոշողները։

***

Զարմանազանի երազը չէր կրնար իրականանալ, եթէ յստակօրէն ծրագիրի մը չվերածուէր եւ եթէ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան չգնահատէր, չպաշտպանէր եւ ընթացք չտար։ Կ՚արժէր փորձել այս գաղափարը։ Ուսուցիչներ վերապատրաստելու ծրագիրը հնարաւոր դարձաւ նաեւ Անահիտ Տօնապետեանին մասնակցութեամբ՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի միջոցաւ։ Նաեւ՝ «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան մասնակցութեամբ։ Ամբողջ տարուան մը աշխատանքի ծրագիր մը իրականացաւ։

Լեզուն մեր մէջն է, մեր նպատակը լեզուին տիրապետելն է եւ տեղէ մը պէտք է սկսէինք։ Լեզուն, եթէ չկայ այդ գրականութիւնը կարդալու, մեկնաբանելու վերլուծելու անհրաժեշտութիւնը՝ չի յաջողիր, իբրեւ պարտականութիւն կը կատարենք, գոց կը սորվինք եւ յաջորդ օրը կը մոռնանք։ Լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է։ Կան լեզուներ, որոնք միշտ բանաւոր մակարդակի վրայ մնացած են աշխարհի երեսին։ Լեզուով է որ կը փոխանցես միտքերդ, կ՚արտայայտես զգացումներդ։ Եթէ ընթացքը յաջող է, այդ պարագային կը հասնի գրելու մակարդակին, գրականութեան մշակումին, ստեղծագործութեան։

Հայ գրող ըլլալու համար, հարկ չէ հայերէն գրել։ Մարդիկ արտայայտուելու համար, կրնան տարբեր ձեւեր օգտագործել՝ մնջախաղով, գծագրութեամբ…։

Այսինքն, լեզուով մտածել եւ ապրիլ ոչ միայն խօսիլ-կարդալ եւ գրել, այլ՝ պայմաններ, յարմար վայր պէտք է ստեղծել, որ անձին միտքին եւ հոգւոյն սնունդ տայ այդ լեզուով մտածելու եւ գործելու համար։

Այդ պայմանները ստեղծելու համար, Զարմանազանի մասնակիցները ժամանակի կարիք ունէին, որպէսզի հաւաքուէին եւ կեդրոնանային իրենց աշխատանոցներուն մէջ։ Պէտք էր ժամանակ տալ, որ իրենք սթափէին իրենց այլ լեզուներէն եւ պայմաններէն եւ կամաց-կամաց մտնէին գրեթէ կախարդական նոր պայմաններուն մէջ, որ իրենցն իր միայն։ Նոյն ժամանակ տարբեր է, որովհետեւ տարբերը աւելի հետաքրքրական կը դառնայ։

Մէկ ամիսը նուազագոյն ժամանակն է, որ կրցանք տրամադրել։ Աշխատանոցները տարբեր ճիւղեր ունին, ինչպէս երաժշտական եւ  գեղարուեստական։ Լեզուն չսորվեցնել, այլ՝ ապրեցնել իրենց ընտրութեամբ եւ անոր միջոցաւ ստեղծել, երազել, մտածել, խաղալ, մանաւանդ ձեռքերով եւ միտքով կարենալ փոխանցել հետաքրքրական բաներ ընել տալ, որոնք իրենք տեսնեն որ կարենան անոր մէջ աճիլ, ինչպէս մենք իրենց հետ այդ պարագային պէտք ունէինք ստեղծագործողներու, արուեստագետներու եւ արհեստներու մէջ իրենց գործին գիտակ անձեր իրարու քով բերելու, որոնք ուղեկիցներն էին։ Անոնք անձեր են, որոնք երազներ ունին, տալիք ունին եւ հոս առիթը կ՚ունենան միասին իրականացնելու զանոնք։ Իրենց ցանկութեան ուժն է, որ կը փոխանցեն եւ ոչ թէ լեզուն։

Վայրին անունը կարեւոր էր, որ ինքզինք ցոյց պիտի տար առանց ճիգի, բայց միեւնոյն ժամանակ իր յատկութիւնը պէտք է երեւան հանէր։ Զարմանալի եւ զանազան բառերն են, որոնք բառարանին մէջ գոյութիւն ունին եւ հոնկէ զար մէկ, զարմանակին եւ զարշաբաթ բառերը յղացանք։

Զարմանազանի փորձառութիւնը կարելի է փոխադրել հայկական դպրոցներէն ներս, սակայն հսկայական փոփոխութիւն կ՚ուզէ։ Յարգանքովս բոլոր անոնց որոնք անցեալին թէ ներկայիս փորձեր կատարած են եւ չարչարուած, եթէ կարենայինք հայերէնի պահը հաճոյքի պահի վերածել, վայր մը ստեղծել, ուր «տղաքը» անպայման պիտի ուզէին գտնուիլ, յաջողութիւններ կ՚ունենայինք։ Դասին նիշերէն եւ դասարանին պատերէն դուրս առանց ստիպելու, թոյլ տանք, որ իրենք պատասխանատու զգան եւ իրենցը զգան, որովհետեւ երբ մէկը սեփականութիւն կը զգայ, կը փայլեցնէ, կը զարգացնէ եւ աւելին կ՚ուզէ, պահանջկոտ կը դառնայ։ Հաւատքի եւ վստահութեան հարց մըն է, վստահ կ՚ըլլաս որ պիտի չկոտրէ, այլ պիտի պահէ եւ փայլեցնէ։ Իւրաքանչիւրս իրարմէ տարբեր ենք եւ տարբեր ճամբաներէ կու գանք։ Մեծ վստահութիւն ունենալ տղոց եւ աղջիկներուն վրայ՝ իբրեւ հաւաքական ուժ։ Անոնք շատ լուրջ են եւ հիանալի կարողութիւններ ունին վերլուծելու, առաջարկներ բերելու, խորհուրդ տալու եւ ստեղծելու։

Դժբախտաբար, աւանդական կերպով պահուած են դասարանային պայմանները, որ շատ անգամ չ՚օգներ իրենց գործին պտղաբերութեան։ Օրինակ, երիտասարդներուն խումբին մէջ անպայման նախատեսուած չէր, որ պիտի ուզէին գրող դառնալ, ընթերցումը մեծ հաճոյք պիտի տար բոլորին, տարբեր չափերով։ Ի վերջոյ ամառուան տաք օրերուն եօթէն ութը ժամ ծառերուն տակ նստող-առանձնացող եւ հայերէն լեզուով գրող եւ ստեղծագործող երիտասարդներ մեզ զարմացուցին իրենց գրութիւններով։ Գրելը միայն կարեւոր չէ, պէտք է ուրիշ առիթներ ստեղծել, որպէսզի տարբեր նիւթերու մէջ ինքզինքնին գտնեն։

Պարզապէս, այսօրուան սերունդները հիանալի ուժ մը ունին, որ ուրիշը չէ ունեցած. ազատ են ընտրելով որոշել թէ ի՞նչ կ՚ուզեն ընել։ Ուրեմն, մենք ի վիճակի չենք իրենց ստիպելու. մեր դերը հաւատալուն եւ վստահելուն մէջ կ՚իյնայ, վստահելով, որ իրենք կ՚ուզեն մասնակցիլ եւ իւրացնել իրենց կատարածը։ Պէտք է ընդունիլ զիրենք իբրեւ աշխատակից, իրենց հետ մեծնալ, տեսնել իրենց պահանջքները, որոնք կը տարբերուին մեր պահանջքներէն։ Չվախնալ, որ արհեստագիտական աշխարհի մէջ կ՚ապրին եւ ուրիշ բանով չեն հետաքրքրուիր։ Պէտք է հաւատանք, որ պատրաստ են ընելու, սորվելու, առնելու եւ խանդավառօրէն մասնակցելու, երբ հետաքրքրուած են։ Այդ խանդավառ մասը ստեղծելը մեզի կ՚իյնայ. ցանկութեան հասցնող հետաքրքրութիւն ստեղծելու զուարճանքը, հաճոյքը եւ ոչ թէ ժամանցը։ Սորվելու հետաքրքրութեան փափաքը անսահման է. երբ իրենց ընտրութեամբ ըլլայ, կը մասնակցին անոր իւրացման։ Շատ կարեւոր է, թէ որքան շուտ պզտիկները հայերէնը, մայրենին իւրացնեն, այդքան աւելի շուտ կրնան բնականօրէն գործածել։ Պարզ է, որ փոքր տարիքին շատ աւելի իրենց օգնած կ՚ըլլանք։ Կարեւոր չէ ուր կ՚ապրին, սփիւռքի մէջ հնարաւոր է համացանցով իրարու հետ կապուիլ եւ աշխատիլ։ Կարելի է պատկերին միւս կողմէն նայիլ, տղոց աչքերով։

Կարմիրեան տակաւին փնտռտուքի մէջ է, տակաւին դպրոց կ՚երթայ, կը վերանայի, կը թարմանայ եւ չի մնար նոյնը։ Երախտապարտ կը զգայ, որ շրջապատուած ենք աշխարհի տարբեր երկիրներէ հաւաքուած հրաշալի անձերով եւ զիրար կ՚ամբողջացնենք այս գործը յաջողցնելու համար։

Անի Կարմիրեանի երազը հրաւէր մըն է հայերէնի ուսուցիչներուն՝ փորձելու գրաւել աշակերտները նոր մօտեցումներով։ 

Զրուցեց՝ ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

Անի Կարմիրեան՝ ձախէն առաջինը, «Զարմանազան»-ի մասնակից ուսուցիչներով

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին