Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Արարատ Միրզոյեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Դեսպանը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յունուար 24-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաժատին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ խորհրդարանի ղեկավարը, ողջունելով հիւրը, կարեւորած է հայ-իրանական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը` խարսխուած դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխվստահութեան ամուր հիմքերուն վրայ:

Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատած է դեսպանի ջանքերն ու հետեւողական աշխատանքը երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը աւելի ընդգրկուն դարձնելու հարցին մէջ` վստահեցնելով, որ Ազգային ժողովն ալ պատրաստակամ է աջակցելու անոնց ընդլայնման ուղղուած որեւէ փոխշահաւէտ նախաձեռնութեան:

Անդրադառնալով միջխորհրդարանական գործակցութեան՝ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը կարեւորած է բարեկամական խումբերու գործակցութիւնը, ինչը կը նպաստէ երկկողմ կապերու աշխուժացման:

Սեյետ Քազեմ Սաժատին, շնորհաւորելով Արարատ Միրզոյեանը պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ, յաջողութիւն մաղթած է: Դեսպանը, արժեւորելով միջազգային հարթակներու վրայ Իրանի եւ Հայաստանի արդիւնաւէտ գործակցութիւնը, վստահեցուցած է, որ Իրանը մշտապէս եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կողքին:

Սեյետ Քազեմ Սաժատին կարեւորած է բարձր մակարդակի փոխայցերը` նշելով, որ անոնք աւելի կը սերտացնեն երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները:

Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ բազմոլորտ գործակցութեան օրակարգը, կարեւորած մասնաւորապէս առեւտրատնտեսական կապերու խթանումը եւ ընդգծած, որ հայ-իրանական գործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման տակաւին չօգտագործուած մեծ ներուժ կայ: Կողմերը համոզում յայտնած են, որ տնտեսական կապերու խորացման կրնայ նպաստել նաեւ Մեղրիի եւ Արազի ազատ տնտեսական գօտիներու ընձեռած հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտ օգտագործումը:
Դեսպանը Արարատ Միրզոյեանին փոխանցած է Ալի Լարիժանիի ողջոյնները եւ Իրան այցելելու հրաւէրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին