Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի վերահաստատեց Թագաւորութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին՝ վստահեցնելով, որ ինքը անձնապէս իրազեկ պիտի դառնայ ելեւմտական նախարարութեան՝ Տաւոսի մէջ համաշխարհային տնտեսական համաժողովին Հանրապետութեան ըստ կարելւոյն օժանդակելու յայտարարութեան մանրամասնութիւններուն:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ արդեօք Սէուտական Արաբիան մտադի՞ր է Քաթարի՝ Լիբանանի կառավարութենէն 500 մլն տոլարի պարտատոմս գնելու նշանակալի եւ արդիւնաւէտ ներդրումին նման ինչ-որ ծրագիր իրականացնել, Թագաւորութեան ելեւմտական նախարար Մուհամմատ Ալ Ժատաան «CNBC»-ի հետ հարցազրոյցին ի պատասխան ըսաւ. «Մենք հետամուտ ենք կայունութիւն տեսնելու Լիբանանի մէջ, հետեւաբար պատրաստ ենք ամէն գնով օժանդակութիւն ցուցաբերելու»:
Այնուամենայնիւ, այս առումով Ալ Ժատաան որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած:






