«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները երէկ համաձայնութեան եկան ժամանակաւորապէս ֆինանսաւորելու պետական կառոյցները մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը, որմէ ետք պաշտօնապէս պիտի վաւերացուի 2019-ի պետական պիւտճէն:
«Պաշտօնատարներու միահամուռ համաձայնութեամբ մենք որդեգրեցինք համակարգ մը՝ նպատակադրելով ֆինանսաւորել պետական կառոյցները, մինչեւ որ վերջնականապէս յաջողուի ի կատար ածել կառավարութեան կազմաւորումը»,- ըսաւ ելեւմտական նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:






