Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Երեւանը երգերու Մէջ

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուր էլ գնամ քեզնով եմ լի, քեզնով եմ տաք,

Քարին բացուած, քարէ ծաղիկ, իմ նոր քաղաք,

Քո անուշ հայոց խօսքով, քո Մասիս սարի տեսքով,

Ինձ ես կանչում իմ կեանք, Երեւան:

«Իմ Երեւան»

 

Խօսք՝ Սիլվա Կապուտիկեան

Երժշտ.՝ Վաղարշակ Կոտոյեան

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2018-ին, բազմաթիւ այլ յոբելեաններու շարքին, ազգովին նշեցինք 2800-ամեակը  Երեւան քաղաքին: Կը մտածեմ, թէ գրեթէ ամէն օր կը տօնախմբենք հայութեան մայրաքաղաքը դպրոցական հանդէսներու, մշակութային ձեռնարկներու, համերգներու ընթացքին բեմերէն հնչող Երեւանին նուիրուած երգերուն ընդմէջէն: «Գարուն Երեւան», «Երեւան-Էրեբունի», «Երեւանի գիշերները», «Հէյ ջան Երեւան», «Երեւան-Երեւան», «Իմ Երեւան», «Կեանք իմ Երեւան», «Իմ սիրելի Երեւան», «Իմ նոր Երեւան» ու դեռ շատ աւելին:

Ներշնչանքի աղբիւր եղած է Երեւանը հայրենի բոլոր բանաստեղծներուն համար. Պարոյր Սեւակ, Սիլվա Կապուտիկեան, Սարմէն, Ռազմիկ Դաւոյեան, Աշոտ Գրաշի, Գէորգ Էմին, եւ ուրիշներ: Եւ այդ բանաստեղծութիւններէն շատերը իրենց կարգին ներշնչած են մեր մեծ երգահաններէն ոմանք՝ Արամ Խաչատուրեան, Էտկար Յովհաննէսեան, Առնօ Բաբաջանեան, Ռոպերթ Ամիրխանեան, Արմէն Մանդակունեան, Կոնստանդին Օրբելեան եւ ուրիշներ, որոնք գեղեցիկ երաժշտութեամբ օժտելով այդ քերթուածները սիրելի դարձուցած են համայն հայութեան:

Երեւանին նուիրուած առաջին երգը որ սորված էի մանկութեանս տարիներուն «Գարուն Երեւան»ն էր, խօսք՝ Աշոտ Գրաշիի, երաժշտութիւն՝ Արամ Խաչատուրեանի:

Գարուն Երեւան, սիրուն Երեւան,

Վարդեր ես ճամբիս փռում, Երեւան,

Ուր էլ գնամ, ուր էլ մնամ,

Քեզ եմ յաւիտեան սիրում, Երեւան:

Իմ ժողովրդի վառ աչքերի լոյսն ես, Երեւան,

Իմ Հայաստանի զարդն ես Երեւան:

 

Դարձեալ մանկութեանս, 1958-ին, կարծեմ առաջին անգամ ըլլալով հայկական ժապաւէն մը ցուցադրուեցաւ Աթէնքի սրահի մը մէջ՝ «Երգ առաջին սիրոյ»ն: Եթէ չեմ սխալիր, տարիներ առաջ կարդացած էի յօդուածի մը մէջ, թէ ժապաւէնը ոչ միայն կը ներկայացնէր սիրային պատմութիւն մը, այլ ձօն մըն էր նաեւ Երեւանին: Երկար ժամանակ բոլորիս շուրթերուն վրայ էին անոր մէջ լսուող երեք երգերը. «Երեւանի սիրուն աղջիկ», «Դու իմ սիրոյ արեւ», «Իմ Երեւան» – խօսք՝ Վլադիմիր Յարութիւնեանի, երաժշտութիւն՝ Առնօ Բաբաջանեանի:

 

Այստեղ եմ ծնուել ես, այստեղ մեծացել,

Այս ջուրը խմել սառնորակ …

 

Քարդ քարիդ եմ շարել,

Քեզ հետ հասակ եմ առել,

Իմ Երեւան քո ամէն շէնքի հետ

Ես իմ կեանքն եմ կապել առյաւէտ:

 

Դու անխաւար լոյսի տուն, Երեւան,

Ամէն հայի յոյսի տուն, Երեւան:

 

1968-ին, 50 տարիներ առաջ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, մեծ շուքով  առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի տարեդարձը – 2750 տարեկան: Այդ առթիւ շրջանառութեան մէջ դրուեցան նամականիշներ, գիրքեր, քարտէսներ, յուշանուէրներ, տեղադրուեցաւ Երեւանի հիմնադրութեան սեպագիր արձանագրութիւնը, տնկուեցաւ 2750 ծառ, բացուեցաւ 2750 ցայտաղբիւրներու հրապարակը, «Յաղթանակի զբօսայգի»ին մէջ 2750 հոգինոց երգչախումբով մը առաջին անգամ հնչեց «Երեւան-Էրեբունի»ն, խօսք՝ Պարոյր Սեւակի, երժշտ.՝ Էտկար Յովհաննիսեանի, անպաշտօն քայլերգը մայրաքաղաքին:

Երեւան դարձած իմ Էրեբունի,

Դու մեր նոր Դուին, մեր նոր Անի,

Մեր փոքրիկ հողի դու մեծ երազանք,

Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք:

 

Նոյն տարուան ծնունդ է նաեւ «2750 տարեկան»ը, խօսք՝ Գէորգ Էմինի, երժշտ.՝ Առնօ Բաբաջանեանի

 

Իմ վարդագոյն գեղեցկուհի,

Ջահէլ ես այնքան,

2750 տարեկան:

 

Ախ կ’ուզէի այնքան ապրել,

Իմ քաղաք անգին

Եւ տեսնել քո 3,000

 Պանծալի տարին:

 

Այսօր, նոր սերունդի բանաստեղծներն ու երգահանները կը շարունակեն ներշնչուիլ Երեւանով, կը շարունակեն քերթուածներ ու երգեր ձօնել անոր.

 

Երեւանս, Երեւանս,

Անգին քարս, անգին քարէ վարդս…

(խօսք եւ երժշտ.՝ Թաթա Սիմոնեան)

 

Լուսաշող, հիւրընկալ, հեռուէն եկող, հեռուին նայող քաղաքամայր մեր Երեւան, խաղաղ ու լուսաւոր ըլլան ներկադ ու ապագադ: Երգդ անսպառ:

 

Եւ ես ունեմ մի մեծ երազ,

Որ մնայ ջինջ երկինքը քո:

 

Երեւան, Երեւան,

Իմ միակ օթեւան,

Ես կ’անցնեմ, կը գնամ,

Դու ապրիր յաւիտեան:

 

(«Երեւան, Երեւան» խօսք՝ Արամայիս Սահակեան

Երժշտ՝. Արմէն Մանդակունեան)

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին