ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Շունին բնակարանը՝ ապաստա՞ն…
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գաղութիւնը դժբախտաբար կեանքի մէկ մասնիկը դարձած է հոս` Ամերիկայի մէջ։ Մանր-մունր գողութիւններէն զատ, ինքնաշարժի գողութիւնն է որ ընդհանրացած է եւ դարձած աղէտալի։
Ինքնաշարժի գողութեան այս դէպքը կը պատահի Քալիֆորնիոյ Ռիվըրսայտ քաղաքին մէջ։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն Սառա Սթիֆընս կէս գիշերին աղմուկ մը լսէ, որ կու գար իր բնակարանի յետսամասի պարտէզէն։ Մինչ այդ, փողոցէն կը լսուէր ոստիկանական ինքնաշարժի մը ահազանգը։
Հետաքրքրուած, երբ Սառա կը մօտենայ պարտէզին բացուող դռան, կը տեսնէ թէ կին մը կը փորձէր ներս մտնել։ Երբ գողը զինք կը տեսնէ, անմիջապէս կը փախչի եւ կը մտնէ պարտէզին մէջ զետեղուած շան տնակին մէջ (տես նկարը)։ Այս պատահարը զիս կը յիշեցնէ ջայլամին պատմութիւնը, որ գլուխը հողին մէջ թաղելով՝ կը խորհի թէ չի տեսնուիր։
Սառա շուտով ամուսինը կ՚արթնցնէ եւ ոստիկանութեան լուր կու տայ։ Ոստիկանները կը ձերբակալեն կինն ու անոր մեղսակիցը, որ ապաստան գտած էր դրացիին պարտէզին մէջ… Մեղսակիցը 18-ամեայ պատանի մըն է, որ կը կոչուի Անճըլօ Քալամանտրէ։ Հաւանաբար Անճըլօ կ՚ուզէր իր ընկերուհին տպաւորել, ինքնաշարժի այդ պտոյտով, չէ՞ք խորհիր։
Ուրեմն եղելութիւնը հետեւեալն է։ Այր մը եւ կին մը՝ գիշերուան ուշ ժամուն կը գողնան ինքնաշարժ մը եւ կը սկսին սուրալ Ռիվըրսայտ քաղաքի փողոցներուն մէջ։ Անոնք բնականաբար կը հետապնդուին ոստիկաններու կողմէ եւ երբ անել կացութեան մը կը մատնուին, ինքնաշարժը ձգելով կը փախչին ու ամէն մէկը ապաստան կը գտնէ բնակարանի մը պարտէզին մէջ ու կը պահուըտի… սակայն ի զո՜ւր։
Վերոյիշեալ դէպքը իր վախճանը գտնելէ ետք, Սառա փառք կու տայ Աստուծոյ որ այդ գիշեր արթուն էր, այլապէս պիտի չգիտնար թէ ինչ կը պատահէր իր պարտէզին մէջ։
Գիշերանոցով գործի՞ երթալ…
Միացեալ Նահանգներու մէջ, ամէն տարուան Ապրիլ 15-ը որոշուած է անձի մը, ընտանիքի մը եւ կամ ընկերութեան մը տարեկան եկամուտն ու ծախսերը (tax return) ներկայացնելու օր։ Բացառաբար սակայն անցեալ տարի այդ օրը կը զուգադիպէր Ապրիլ 17-ին՝ որովհետեւ Ապրիլ 15-ը Կիրակի էր, իսկ Ապրիլ 16-ը պետական տօն մըն էր։
Դարձեալ անցեալ տարի՝ Ապրիլ 16-ը հռչակուած էր «Գիշերանոցով գործի երթալու օր», այսինքն National wear your pajamas to work day։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ տուրքերը վճարելէ ետք՝ մարդ պէտք է հանգստանայ եւ հարցերը թեթեւի առնէ (relax): Մեր լուսանկարները կը բացայայտեն այդ եղելութիւնը։
Ամերիկայի մէջ աշխատանքի օրերու եւ ժամերու ընթացքին այնքան ճնշում կայ գործաւորին կամ պաշտօնեային վրայ, որ գործատէրերն ու ընկերութեանց պատասխանատուները կարծես նմանօրինակ հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն, որպէսզի անոնց բեռը թեթեւնայ եւ կարենան աւելի արդիւնաբեր դառնալ։
Ասկից առաջ անդրադարձած էի «Զաւակդ հետդ գործի բեր» եւ «Ընտանի կենդանիդ հետդ գործի բեր» օրերու մասին։ Միշտ նորութիւններ կան հոս, որոնք հաճելի մթնոլորտ մը կը ստեղծեն գործատեղիին մէջ եւ որպէս հետեւանք այս ներմուծուած նորաձեւութեան, պաշտօնեայ-գործատէր յարաբերութիւնները կը ձգտին լաւանալ։
Դրամատուներու մէջ ալ նման սովորութիւն մը գոյութիւն ունի, ըստ որուն՝ պաշտօնեաները Ուրբաթ օրերը արտօնուած են ոչ-պաշտօնական հագուստով գործի գալ։ Այսինքն՝ այր մարդոց պարագային, անոնք կրնան փողկապ չկապել։
Հիմա տեսնենք թէ յաջորդ ներաձեւութիւնը ինչ պիտի ըլլայ այս երկրին մէջ։