«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քաթարի Պետութեան՝ Լիբանանի կառավարութենէն 500 մլն տոլարի պարտատոմս գնելու յայտարարութենէն ետք արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ կոչ ըրաւ այլ երկիրներու ալ, որ ներդրումներ կատարեն Լիբանանի մէջ:
Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ 2019 թուականի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «CNN» առաջատար գործակալութեան հետ Երեքշաբթի երեկոյեան հարցազրոյցին արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ. «Քաթարցիները իրաւամբ լաւ ներդրողներ են: Անոնք այժմ կը գտնուին լիբանանեան պարտատոմսեր գնելու գործընթացին մէջ: Այս առումով կը հրաւիրեմ նաեւ ուրիշներ, որ նման ներդրումներ կատարեն Լիբանանի մէջ՝ ըստ ամենայնի հաւաստելով, որ այդ գործընթացը ապահով ու շահաբեր պիտի ըլլայ:






