Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Մինչեւ 7 Տարեկան Երեխաներու Բուժումը Անվճար է. Նախարարը կը Զգուշացնէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Մինչեւ 7 տարեկան երեխաներու բուժումը անվճար է եւ յաւելեալ գումար պէտք չէ գանձուի որեւէ հիւանդանոցի կողմէ: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Թորոսեանի խօսքերով, պէտք է նաեւ հասկնալ, որ այդ ապօրինի վճարումներու գանձումը ոչ միայն բուժօգնութեան հետ կապուած խնդիր է, այլ նաեւ` հարկային վարչարարութեան, քանի որ ապօրինի եկամուտ է եւ կրնայ դիտուիլ որպէս շորթում. «Նման արձագանգներ քննելու համար մենք կը դիմենք իրաւապահ մարմիններուն: Մենք նաեւ կ՛աշատինք հիւանդանոցի տնօրէններու հետ, որ բացառեն այդ երեւոյթը։ Աւելին կրնամ ըսել` մանկաբուժութեան մէջ պետութեան կողմէ տրուող գումարները շատ աւելի մեծ են, քան` սովորական պարագաներու` մեծահասակներու համար»:

Առողջապահութեան նախարարը նշեց, որ ամէն ձեւով պէտք է բացառուին մինչեւ 7 տարեկան երեխաներո բուժման համար գումարներ գանձելը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին