«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ամենայն հաւանականութեամբ օրէնսդրական նիստի պիտի հրաւիրէ խորհրդարանը՝ նպատակ ունենալով հաստատել 2019 թուականի պետական պիւտճէն, եթէ կառավարութեան կազմաւորումը շարունակէ յամենալ: Այս մասին երէկ հաղորդեց երեսփոխան Ալի Պազի:
Մասնակցելէ ետք խորհրդարանի նախագահի եւ օրէնսդիրներու ամէնշաբաթեայ հանդիպումին, Ամալ շարժումի երեսփոխան Ալի Պազի անդրադարձաւ Նապիհ Պըրրիի՝ խորհրդարանը յաջորդական նիստերու հրաւիրելու մտադրութեան, եթէ չյաջողուի կառավարութեան կազմաւորումը վերջնականապէս դուրս բերել 9-ամսեայ փակուղիէն՝ առանց ստոյգ ժամանակացոյց նշանակելու հաւանական նիստին համար:
Պազիի հաղորդմամբ՝ Պըրրի մասնաւորաբար շեշտեց ժամանակաւորապէս գործող կառավարութեան՝ խորհրդարանին պետական պիւտճէ մը ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ աւելցնելով, որ եթէ վերջինս տեղի չունենայ մինչեւ 31 Յունուար, ապա պայման պիտի դառնայ նոր օրէնքի մը գործարկումը՝ պետական կառոյցները ֆինանսաւորելու նպատակով:






