Ռուսիոյ Ռոստովի մարզի Եգորլիք շրջանի Շահումեանովսկի աւանի կեդրոնին մէջ պիտի բացուի մեծ զբօսայգի մը:
Զբօսայգիի կառուցման համար յատկացուած է 4 հեկտար տարածք։ Նկատի ունենալով, որ աւանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայ է, հանգիստի գօտին նախագծուած է՝ նկատի առնելով հայ ժողովուրդի ազգային եւ մշակութային առանձնայատկութիւնները:
«Հայերն Այսօր»-ը, յղում կատարելով «Privet-Rostov»-ին՝ կը յայտնէ, որ այգիի կեդրոնական ճեմուղին պիտի տանի դէպի հայկական եկեղեցի: Տարածքին մէջ պիտի տեղադրուի նաեւ հայկական յաւերժութեան նշանով շատրուան:
Հայկական ազգային զարդանախշերը պիտի օգտագործուին նաեւ տարածքի սալիկապատման ատեն: Գարնան այգիին մէջ պիտի տնկուին ծառեր:
Կը նշուի, որ կառուցման առաջին փուլը պիտի աւարտի 2019-ի վերջաւորութեան: