Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Շուշիի Մէջ Գործող «Եզնիկ Մոզեան» Ուսումնարանի Առաջընթացը Ակնառու է. Ֆրանսական Ռատիոկայանի Անդրադարձը

Շուշիի «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանը սկսած է գործել 6 տարի առաջ։ Անոր նպատակը Արցախի մէջ շինարարութեան աշխատողներու համար ուսումնական կեդրոնի ստեղծումն էր՝ ֆրանսական Սէնէ-Էթիէն քաղաքին մէջ գործող նմանատիպ ուսումնարանին օրինակով:

«RCF» ֆրանսիական ռատիոկայանի «Ուղեւորութիւն դէպի Հայաստան» («Voyage en Armռnie») հաղորդման ժամանակ, այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Շուշիի «Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ռոպերթ Այտապիրեան:

«Այս նախագիծը կեանքի կոչուած է բարի կամքի տէր մարդոց հաստատակամութեան շնորհիւ: Ուսումնարանի առաջընթացը այսօր ակնառու է, եւ մենք մեծ յոյսեր ունինք, որ ընկերային-տնտեսական առումով անիկա կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի արձանագրէ Արցախի մէջ»,- նշած է Ռոպերթ Այտապիրեան՝ աւելցնելով, որ այս առումով առաջին հերթին կ՝օգտագործուի ֆրանսական առաջատար փորձը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին