«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ երեկոյեան վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի բանակցութիւններ վարեց Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ՝ կառավարութեան կազմաւորումի գործընթացին մէջ անկիւնադարձ մը արձանագրելու միտումով ընթացող խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս:
Ի միջի այլոց, նշենք, որ Երեքշաբթի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի միջեւ, որմէ ետք վերջինս յայտնեց, թէ վարչապետի պաշտօնակատարը լաւատես է, որ կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին:






