ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Փետրուար 23-ին Լոռիի մարզային կեդրոն Վանաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Իմ քայլը՝ յանուն Լոռի մարզի» ներդրումային գործարարական ժողովը: Հայաստանէն եւ արտասահմանէն հայ եւ օտարազգի մեծ թիւով գործարարներ ու ներդրողներ հրաւիրուած են մասնակցելու այս ներկայացուցչական ժողովին: Ժողովին պիտի մասնակցի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան այլ ներկայացուցիչներու հետ:
Ժողովին պիտի ներկայացուին Լոռիի համար առաջնային կարեւորութիւն ունեցող չորս բնագաւառներու` տեղեկատուական արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ ճարտարարուեստի զարգացումին ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներ, այն ակնկալութեամբ, որ այդ ծրագիրները կրնան դառնալ շահութաբեր ձեռնարկներ ներդնողներու համար: Լոռի մարզին կողմէ գործարարներուն պիտի ներկայացուին մօտաւորապէս յիսուն մեծ ու փոքր գործարարական ծրագիրներ:
Գործարարներու ներկայացուցչական ժողովին առընթեր պիտի կազմակերպուի նաեւ լաւագոյն ձեռնարկութիւններու արտադրանքներու ցուցահանդէս մը՝ նպատակ ունենալով ձեռք բերել նոր գործընկերներ, ապրանքը արտահանելու համար նոր շուկաներ ապահովել: Մասնակից կազմակերպութիւնները հնարաւորութիւն կ’ունենան իրենց սեփական փորձը բաժնեկցելու եւ մատուցուող ծառայութիւններուն մասին իրենց կարծիքը յայտնելու:
Գործարարներու ներկայացուցչական ժողովը պիտի վարէ Լոռիի մարզպետ Անտրեյ Ղուկասեանը, որ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ օժանդակելու, որպէսզի ներկայացուած ծրագիրները շահաւէտ պայմաններով իրականութիւն դառնան: Լոռի մարզին մէջ կայանալիք այս ժողովը առաջինն է Հանրապետութեան մէջ: Հետագային միւս մարզերուն մէջ նոյնպէս նմանօրինակ գործարարական ժողովներ պիտի կազմակերպուին:






