Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած Է Պրազիլի Նախագահին, Լիւքսեմպուրկի Եւ Եգիպտոսի Վարչապետներուն Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի մէջ ընթացող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս կարճատեւ հանդիպումներ ունեցած է Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուի, Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսավիէ Պեթելի եւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն անդրադարձած են երկու երկիրներու գործակցութեան օրակարգային տարբեր հարցերու: Անոնք բարձր գնահատած են հայ-պրազիլական բարեկամական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ նշած գործակցութեան ոլորտներու ընդլայնումի կարեւորութիւնը:

Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսավիէ Պեթելի հետ հանդիպումին քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Քսավիէ Պեթելը կարեւորած են տնտեսական գործակցութեան զարգացումն ու առեւտրատնտեսական կապերու ընլայնումը: Այդ առումով, կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ գործնական քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ հանդիպումին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական գործակցութեան, այդ կարգին` գործարար կապերու խորացման վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Մուսթաֆա Մատպուլին ընդգծած են առեւտրական համաժողովներու կայացման անհրաժեշտութիւնը, որոնց ընթացքին գործնականօրէն կը քննարկուին համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններն ու ուղղութիւնները: Զրուցակիցները կարեւորած են Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի ստորագրումը: Մուսթաֆա Մատպուլին նշած է, որ այդ գործին մէջ կ’ակնկալէ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին