«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վարոյթ ընդունած է էջատէր, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինի՝ մահափորձի վերաբերեալ հաղորդումը:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` Ազրպէյճան երեք ամիս ունի բողոքելու համար: Այս մասին Լափշին ըսաւ Յունուար 22-ին գումարուած մամուլի ասուլիսին:
«Սթրասպուրկի մէջ արդէն սկսած են ազրպէյճանական կողմի հետ հաղորդակցութիւնները: ՄԻԵԴ-ը իմ հաղորդումս արդէն վարոյթ ընդունած է, սա շատ կարեւոր է, որովհետեւ Ազրպէյճանը ձեռնարկած է տարբեր քաղաքական ու կաշառակերութեան քայլերու, որպէսզի այդ մէկը թոյլ չտայ, որովհետեւ մեծ հարուած կ’ըլլայ, երբ դատարանը մահափորձի վերաբերեալ որոշում կայացնէ: Ամէն պարագային, դատարանը այդ ամէնը վարոյթ ընդունած է, եւ, կը կարծեմ, ոչ վերջին հերթին, որովհետեւ իրենք ամբողջովին վարկաբեկած են իրենք զիրենք կաշառակերութեան գայթակղութիւններով, եւրոպացի պատգամաւորները կաշառելով, եւ այս իրադրութեան իմ պատմութիւնս շատ յաջող համընկաւ: Այսինքն՝ Ազրպէյճան այժմ թուլցած է: Իրենց ուղարկուած են բոլոր փաստաթուղթերը, տրուած է 3 ամիս բողոքելու համար, եւ մենք այժմ այդ փուլին ենք»,- ըսաւ Լափշինը:
Էջատէրը ընդգծած էր, որ նմանատիպ գործընթաց պիտի սկսի նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ:
«ԱՄՆ-ի մասին չեմ ցանկար դեռ խօսիլ, որովհետեւ այնտեղ ամէն ինչ դեռ ընթացքի մէջ է. եւ երբ այնտեղ ինչ-որ բան կ’աշխուժանայ, այն ժամանակ անպայման կը խօսիմ այդ մասին»,- ըսաւ էջատէրը:






