«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի յոյսով է, որ կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի ոչ աւելի քան մէկ շաբթուան ընթացքին: Այս մասին հաղորդեց խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի՝ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք:
Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Հարիրի յառաջիկայ կառավարութեան մէջ չի նախատեսեր 32 անդամնոց նախարարաց խորհուրդ մը, թէեւ տեղական բազմաթիւ լրատուամիջոցներու համաձայն՝ ժամանակաւորապէս գործող ներկայ կառավարութիւնը կը քննարկէ 32 անդամնոց նախարարաց խորհուրդ մը ունենալու հնարաւորութեան մասին:
Պըրրի նաեւ ընդգծեց, որ ամենեւին խնդիր մը չկայ Զարգացում եւ ազատագրում պլոքի եւ Հարիրիի միջեւ, ինչպէս նաեւ վերջինիս եւ Հըզպալլայի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին միջեւ:
Պըրրիի եւ Հարիրիի հանդիպումը տեղի ունեցաւ վերջինիս՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի հետ հանդիպումէն մէկ օր ետք՝ նպատակ ունենալով կառավարութեան կազմաւորման մէջ 9-ամսեայ փակուղին վերացնելու համար աշխատանքային նոր փուլ մը մեկնարկել:






