«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին Յունուար 22-ին իր հաւատարմագիրերը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պենինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նուգբոյ Գլեման Գիգին (նստավայրը՝ ք. Մոսկուա):
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը, մաղթած արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ համոզում յայտնած, որ իբրեւ փորձառու դիւանագէտ ան իր մասնագիտական կարողութիւններն ու գիտելիքները պիտի ծառայեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան զարգացման:
Նշելով, որ Հայաստան կը ձգտի աշխուժացնել գործակցութիւնը ափրիկեան պետութիւններու, մասնաւորապէս ցամաքամասի ֆրանսախօս երկիրներուն հետ, Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր համարած է վեր հանել այն ուղղութիւններն ու ոլորտները, ուր առկայ են գործակցութեան իրական նախադրեալներ ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն:






