Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

«Թալիպան»-ի Հիմնադիր Մոլլա Օմարի Որդին Զոհուած Է Փաքիստանի Մէջ. «IRNA»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Մոլլա Եաքուպը՝ «Թալիպան» ահաբեկչական շարժումի հիմնադիր եւ հոգեւոր առաջնորդ մոլլա Օմարի որդին, սպաննուած է Փաքիստանի մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «IRNA» իրանական լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով սեփական աղբիւրներ:

Կը նշուի, որ Եաքուպը զոհուած է Փաքիստանի Փեշաւար քաղաքը: Ըստ աղբիւրներու տեղեկութեան՝ ան սկիզբը վիրաւորուած է, իսկ յետոյ սպաննուած անյայտ զինեալներու կողմէ:

«Թալիպան» շարժումի ներկայացուցիչները առայժմ ոչ մէկ կերպ մեկնաբանած են այս տեղեկութիւնը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին