«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ը եւ Ռուսիան դատապարտուած չեն հակառակորդներ եւ մրցակիցներ ըլլալու, ինչպէս եղած է «Պաղ պատերազմ»-ի տարիներուն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ ինչպէս կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ»-ը, այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայքլ Փոմփէօն Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի մասնակիցներուն առջեւ տեսակապով ելոյթի ժամանակ:
«Մենք չենք դատապարտուած հակառակորդներ ըլլալու: Մենք կրնանք ընել աւելին: Հարցը այնպէս չէ, որ մենք դատապարտուած ենք հակառակորդներ ըլլալու, ինչպէս «Պաղ պատերազմի» օրերուն»,- ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները այսպէս մեկնաբանած է Փոմփէօն:
Փոմփէոյի խօսքով՝ ԱՄՆ-ը յոյսով է, որ Ռուսիան կը փոխէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը, այդ կարգին՝ Ուքրանիոյ հարցին մէջ:






