Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Սեւ Ծովուն Մէջ Առնուազն 10 Հոգի Մահացած Է Նաւերուն Վրայ Մոլեգնող Հրդեհէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սեւ ծովուն մէջ 10 հոգի մահացած է հեղուկացուած կազ փոխադրող «Մայեսթրօ» եւ «Քանտի» նաւերուն վրայ մոլեգնող հրդեհի հետեւանքով, իսկ 10 հոգի անյայտ կորսուած կը համարուի: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, «ԹԱՍՍ»-ին յայտնած են Նովոռոսիյսքի ծովային փրկարարական-համակարգող կեդրոնէն:

Հրդեհը Յունուար 21-ի երեկոյեան տեղի ունեցած է Քերչի նեղուցի շրջանին, Ռուսիոյ տարածքային ջուրերու սահմաններէն դուրս: Նախնական տուեալներով՝ միջադէպը տեղի ունեցած է նաւէ մը վառելիքը դէպի միւս նաւը վերաբեռնելու ժամանակ: «Քանտի» կը գտնուէր 17 հոգի, այդ կարգին՝ Թուրքիոյ ինը քաղաքացի, Հնդկաստանի ութ քաղաքացի: «Մայեսթրօ» նաւին մէջ եղած է 15 հոգի, այդ կարգին՝ Թուրքիոյ եւ Հնդկաստանի քաղաքացիներ: «Օգնութեան հասած նաւերը կը շարունակեն որոնումները: Ըստ ճշդուած տուեալներուն՝ կորսուած է 10 հոգի, յայտնաբերուած է մահացածներու 10 մարմին, 12 մարդ փրկած են: Նաւերուն վրայ հրդեհը կը շարունակուի, որ պիտի չմարի, քանի դեռ չէ այրած ամբողջ կազը»,- յայտնած է փրկարար կեդրոնի ներկայացուցիչը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին