«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 24-ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ Մոսկուա:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Փաշինեան կ’այցելէ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի Մոսկուայի կեդրոնակայան եւ հանդէս կու գայ ելոյթով՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) բարձրագոյն մարմիններուն մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ:






