Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Յոյսով Է, Որ Կառավարութիւնը Պիտի Կազմաւորուի Ոչ Աւելի Քան Մէկ Շաբթուան Ընթացքին. Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի յոյսով է, որ կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի ոչ աւելի քան մէկ շաբթուան ընթացքին: Այս մասին հաղորդեց խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի՝ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք:
Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Հարիրի յառաջիկայ կառավարութեան մէջ չի նախատեսեր 32 անդամնոց նախարարաց խորհուրդ մը, թէեւ տեղական բազմաթիւ լրատուամիջոցներու համաձայն՝ ժամանակաւորապէս գործող ներկայ կառավարութիւնը կը քննարկէ 32 անդամնոց նախարարաց խորհուրդ մը ունենալու հնարաւորութեան մասին:
Պըրրի նաեւ ընդգծեց, որ ամենեւին խնդիր մը չկայ Զարգացում եւ ազատագրում պլոքի եւ Հարիրիի միջեւ, ինչպէս նաեւ վերջինիս եւ Հըզպալլայի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին միջեւ:
Պըրրիի եւ Հարիրիի հանդիպումը տեղի ունեցաւ վերջինիս՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի հետ հանդիպումէն մէկ օր ետք՝ նպատակ ունենալով կառավարութեան կազմաւորման մէջ 9-ամսեայ փակուղին վերացնելու համար աշխատանքային նոր փուլ մը մեկնարկել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին