Երեքշաբթի, 22 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Տոքթ. Յակոբ Փափազեանի, ՀՀ դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի, հիւպատոս Լէոնար Ապաճեանի եւ դեսպանութեան 3րդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանի հետ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր արծարծելու լիբանանահայութեան վերաբերող հարցեր, Հայրենիքի առօրեան, ապագան, ինչպէս նաեւ մշակութային գետնի վրայ եւ մշակոյթի ճամբով Հայրենիք-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու եւ համագործակցութիւնը աւելիով խթանելու միջոցները:






