Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր հերթական ժողովին երէկ քննարկելէ ետք կարգ մը ներքին կազմակերպչական հարցեր, անդրադարձաւ երկրին կառավարութեան կազմութեան տակաւին ուշացող երեւոյթին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրեց արաբական երկիրներու ընկերատնտեսական գագաթնաժողովի գումարման մանրամասնութիւնները եւ անոր արդիւնքները:

Այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը շեշտեց, որ երկրին տնտեսական իրավիճակը չ’արտօներ աւելի ձգձգել երկրին գործադիր իշխանութեան կազմութիւնը, եւ արաբերէն լեզուով տեղական մամուլին միջոցաւ կոչ ուղղեց առնչուած կողմերուն, որ աճապարեն լուծումներ գտնելու իրավիճակին, ինչը կրնայ ընկերային լուրջ հարցերու տեղիք տալ: Բան մը, որ կրնայ սպառնալ երկրին ներքին ապահովութեան եւս:.

Միւս կողմէ՝ ժողովականները նշեցին, որ լաւատես ակնկալութիւններ ունին արաբական գագաթնաժողովի գործնական արդիւնքներէն ու  Լիբանանի մէջ անոր գումարումէն բխելիք օգուտներէն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականներուն, որոնց իրավիճակը արմատական լուծումներու կը կարօտի:

Տեղեկատուական գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին