«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մոլլա Եաքուպը՝ «Թալիպան» ահաբեկչական շարժումի հիմնադիր եւ հոգեւոր առաջնորդ մոլլա Օմարի որդին, սպաննուած է Փաքիստանի մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «IRNA» իրանական լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով սեփական աղբիւրներ:
Կը նշուի, որ Եաքուպը զոհուած է Փաքիստանի Փեշաւար քաղաքը: Ըստ աղբիւրներու տեղեկութեան՝ ան սկիզբը վիրաւորուած է, իսկ յետոյ սպաննուած անյայտ զինեալներու կողմէ:
«Թալիպան» շարժումի ներկայացուցիչները առայժմ ոչ մէկ կերպ մեկնաբանած են այս տեղեկութիւնը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:






