Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Սուրիոյ Մէջ Կայունութեան Ապահովումը Կը Բխի Լիբանանի Շահերէն. Պասիլ Տաւոսի Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ իրավիճակի կայունութեան ապահովումը եւ դաւանանքային բաժանումներու վերացումը  լիովին կը բխի Լիբանանի շահերէն: Այս մասին ըսաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ, որ այժմ կը գտնուի Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքը՝ մասնակցելու 2019-ի համաշխարհային տնտեսական համաժողովին:

Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը վերոյիշեալ հաստատումները կատարեց «Խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բազմաբեւեռ աշխարհի մը մէջ» խորագրով ուղերձին ժամանակ: Այս թեմայի լոյսին տակ Պասիլ վեր հանեց Լիբանանի Հանրապետութեան առանձնայատկութիւններէն մէկը՝ դիտել տալով, թէ կարելի չէ գտնել այլ պետութիւն մը, որ նման գործակցութիւն կը ծաւալէ՝ երկիրը ղեկավարելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին