Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Հայաստան Կը Ձգտի Աշխուժացնել Գործակցութիւնը Ափրիկեան Ֆրանսախօս Երկիրներու Պետութիւններուն Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին Յունուար 22-ին իր հաւատարմագիրերը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պենինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նուգբոյ Գլեման Գիգին (նստավայրը՝ ք. Մոսկուա):

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը, մաղթած արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ համոզում յայտնած, որ իբրեւ փորձառու դիւանագէտ ան իր մասնագիտական կարողութիւններն ու գիտելիքները պիտի ծառայեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան զարգացման:

Նշելով, որ Հայաստան կը ձգտի աշխուժացնել գործակցութիւնը ափրիկեան պետութիւններու, մասնաւորապէս ցամաքամասի ֆրանսախօս երկիրներուն հետ, Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր համարած է վեր հանել այն ուղղութիւններն ու ոլորտները, ուր առկայ են գործակցութեան իրական նախադրեալներ ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին