Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին Խօսքով՝ ՌԴ-ը Եւ ԱՄՆ-ը Դատապարտուած Չեն Ըլլալու Թշնամիներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԱՄՆ-ը եւ Ռուսիան դատապարտուած չեն հակառակորդներ եւ մրցակիցներ ըլլալու, ինչպէս եղած է «Պաղ պատերազմ»-ի տարիներուն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ ինչպէս կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ»-ը, այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայքլ Փոմփէօն Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի մասնակիցներուն առջեւ տեսակապով ելոյթի ժամանակ:

«Մենք չենք դատապարտուած հակառակորդներ ըլլալու: Մենք կրնանք ընել աւելին: Հարցը այնպէս չէ, որ մենք դատապարտուած ենք հակառակորդներ ըլլալու, ինչպէս «Պաղ պատերազմի» օրերուն»,- ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները այսպէս մեկնաբանած է Փոմփէօն:

Փոմփէոյի խօսքով՝ ԱՄՆ-ը յոյսով է, որ Ռուսիան կը փոխէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը, այդ կարգին՝ Ուքրանիոյ հարցին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին