Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ Հետամուտ Է Լիբանանի Կայունութեան Եւ Բարգաւաճումին. Ճոզեֆ Վոթել

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութեան պետ Ճոզեֆ Վոթել Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումին վերահաստատեց ԱՄՆ-ի ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր բանակին:
Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Աունի հետ Վոթելի հանդիպումը կը նպատակադրէր վերահաստատել ԱՄՆ-ի լիակատար զօրակցութիւնն ու Լիբանանի կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը ապահովելու հակուածութիւնը: Այս մասին յայտարարութեամբ մը նշեց ԱՄՆ դեսպանութիւնը:
Հանդիպումին Վոթել գնահատեց լիբանանեան բանակի կատարողականութեան մակարդակի նկատառելի բարձրացումը: Այս մասին հաղորդեց Լիբանանի նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը:
Աուն անդրադարձ կատարեց Վոթելի՝ լիբանանեան-ամերիկեան բանակի գործակցութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ ունեցած դերակատարութեան, ինչը մեծապէս օգնեց լիբանանեան բանակին արմատախիլ ընելու երկրի արեւելեան սահմանին ահաբեկչութիւնը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին