Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի Մէջ «Ձեւաւորելով Ժողովրդավարութեան Ապագան» Խորագրով Քննարկումի Ժամանակ Հանդէս Պիտի Գայ Իբրեւ Բանախօս

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 22-25 կայանալիք Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի քննարկումներէն մէկուն հանդէս պիտի գայ իբրեւ բանախօս: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համագումարի պաշտօնական կայքը։

«Ձեւաւորելով ժողովրդավարութեան ապագան» խորագիրը կրող քննարկումին իբրեւ բանախօս հանդէս պիտի գան նաեւ Գոլոմպիայի նախագահ Իվան Տուգէ Մարգեսը, Նեփալի վարչապետ Շարմա Օլին, «The Financial Times» ամսագիրի փոխխմբագիր եւ գլխաւոր տնտեսական մեկնաբան Մարթին Ուոլֆը, «New York Times»-ի հրատարակիչ Արթուր Կրեկ Զալցպըրկըրը եւ «Ղեկավարութիւնը այսօր» նախագիծի գլխաւոր տնօրէն Տանիէլա Պալոու Աարեսը:

Նշենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 20-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Զուիցերիա` Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովին մասնակցելու նպատակով: Համաժողովին ծիրէն ներս կը նախատեսուին ՀՀ վարչապետի երկկողմ եւ բազմակողմ շարք մը հանդիպումներ այլ պետութիւններու ղեկավարներու, միջազգային կազմակերպութիւններու, գործարար ընկերութիւններու ներկայացուցիչնեպու հետ: Տաւոսի մէջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու ոչ պաշտօնական հաւաքին (IGWEL) եւ Համաշխարհային քաղաքացիական համագումարին: Զուիցերիոյ Զիւրիխ քաղաքին մէջ կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Զուիցերիա-Հայաստան առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչներու եւ զուիցերիացի գործարարներու հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին