«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մեյը Յունուար 21-ին խորհրդարանին կը ներկայացնէ Brexit-ի վերաբերեալ նոր ծրագիրը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: Այսպէս կոչուած «Բ. ծրագիրը» Թերեզա Մեյը հարկադրուած կ’ըլլայ հրապարակելու այն պատճառով, որ իր նախորդ գործարքը, պայմաւորուած Եւրամիութեան հետ, անցեալ շաբաթ տապալեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ:
Յայտնած են, որ խորհրդարանին մէջ ելոյթէն առաջ Մեյը Բրիտանիոյ շարք մը նախարարներու հետ հանդիպումներ ծրագրած է Չեքերսի քաղամերձ նստավայրին մէջ: Brexit-ի վերաբերեալ Մեյի նոր ծրագիրի մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուիր, սակայն զանգուածային լրատուամիջոցները կը սպասեն, որ վարչապետը ստիպուած կ’ըլլայ էապէս փոխելու համաձայնագիրի նկատմամբ իր դիրքորոշումը, որպէսզի իր կողմը գրաւէ աշխատաւորները: Զանգուածային լրատուամիջոցները կը նշեն, որ խորհրդարանի անդամները ի զօրու են ուղղումներ մտցնելու Թերեզա Մեյի առաջարկին մէջ: Սա կը նշանակէ, որ պատգամաւորները կրնան արտայայտել Brexit-ի վերաբերեալ իրենց առաջարկները՝ զանոնք ներկայացնելով քուէարկութեան, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը: