«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլեան բանակը վերսկսաւ գործարկել Լիբանանի հարաւային սահմանին Ատասիէ շրջանի հանդիպակաց կողմը պատ կառուցելու գործողութիւնները: Այս մասին լիբանանեան բանակէն աղբիւր մը հաղորդեց:
Աղբիւրը կը նշէ, որ այս գործողութիւններուն ընթացքին իսրայէլեան բանակը որեւէ ձեւով չխախտեց «Կապոյտ գիծ»-ը:
Ի դէպ, ԵՈՒՆԻՖԻԼ առ այսօր հաստատած է առնուազն չորս ներքնուղիներու գոյութիւնը՝ առանց նշելու, թէ ո՛վ ապօրինաբար փորած է զանոնք:
Նշենք նաեւ, որ Հըզպալլա ներքնուղիներու խնդրով տակաւին հանդէս չէ եկած որեւէ յայտարարութեամբ:






