«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի մեկնարկին ընտրուած են վեհաժողովի փոխնախագահները:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ԵԽԽՎ փոխնախագահներ ընտրուած Շուէտի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Պորիանա Ապերկը, Աւստրիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Վերներ Ամոնը, Լեհաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Վլատզիմիերզ Պերնացքին, Իսլանտայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ռոզա Պիորք ՊրինիոլՖսթոտիրը, Պելճիքայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Հենտրիկ Տայեմսը, Լիխթընշտայնի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սիւզան Էպերլի-Սթրապը, Միացեալ Թագաւորութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ռոճեր Կեյլը, Պուլկարիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ճեմա Կրոզտանովան, Թուրքիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչը, Սպանիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Քարմեն Լեյթէն, Լաթվիոյ ներկայացուցիչ Ինես Լիպինա Էկները, Իտալիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ալվիս Մանիերօն, Գերմանիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Անտրէաս Նիքը, Իռլանտայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ճոզեֆ Օ՛Ռեյլին, Խորուաթիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սանիա Փութիքան, Զուիցերիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Շնայտեր-Շնայտերը, Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սամատ Սէիտովը, Ֆրանսայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Նիքոլ Թրիսէն:
ԵԽԽՎ փոխնախագահները ամէն տարի կ’ընտրուին հերթական նստաշրջանի մեկնարկին եւ կը պաշտօնավարեն մինչեւ յաջորդ նստաշրջանի բացումը:






