«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայքլ Փոմփէօն կը քննարկէ ժամանակի ընթացքին պաշտօնաթող ըլլալու եւ ԱՄՆ-ի քոնկրեսի վերին պալատին մէջ Քանզասի նահանգէն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու հնարաւորութիւնը: Յունուար 20-ին այս մասին հաղորդած է «CNN» հեռուստաընկերութիւնը՝ վկայակոչելով սեփական աղբիւրներ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Հեռուստաընկերութեան տուեալներով՝ Փոմփէօն «կեդրոնացած է որպէս պետական քարտուղար իր աշխատանքին վրայ, բայց միաժամանակ ան ուշադրութեան կ’առնէ կարծիքը այն անձերուն, որ իրեն խորհուրդ կու տան առաջադրելու ծերակոյտին մէջ իր թեկնածութիւնը Քանզասի նահանգէն: Այդ նահանգէն ծերակուտական Փեթ Ռոպերթսը այս ամիս աւելի կանուխ յայտարարած է, որ 2020 թուականի ընտրութիւններուն չի պատրաստուիր վերընտրուելու, ուստի իր տեղը թափուր պիտի ըլլայ: Ինչպէս կը ճշդէ հեռուստաընկերութեան աղբիւրը, քոնկրեսի վերին պալատին մէջ Հանրապետական մեծամասնութեան առաջնորդ Միթչ Մաքքոնելը անձամբ կը համոզէ Փոմփէոյին դիմել այդ քայլին: Պետական քարտուղարը լրջօրէն կը վերաբերի նման առաջարկի, ինչը կը վկայէ իր համաձայնութիւնը Կիրակի օրը հանդիպելու Հանրապետական կուսակցութեան առաջատար խորհրդատու Ուորտ Պեյքերի հետ: Մինչեւ Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան տնօրէնի, իսկ այնուհետեւ պետական քարտուղարի պաշտօններուն նշանակուիլը Փոմփէօն երեք ժամկէտով աշխատած է Քանզասէն որպէս քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:






