«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 22-25 կայանալիք Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի քննարկումներէն մէկուն հանդէս պիտի գայ իբրեւ բանախօս: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համագումարի պաշտօնական կայքը։
«Ձեւաւորելով ժողովրդավարութեան ապագան» խորագիրը կրող քննարկումին իբրեւ բանախօս հանդէս պիտի գան նաեւ Գոլոմպիայի նախագահ Իվան Տուգէ Մարգեսը, Նեփալի վարչապետ Շարմա Օլին, «The Financial Times» ամսագիրի փոխխմբագիր եւ գլխաւոր տնտեսական մեկնաբան Մարթին Ուոլֆը, «New York Times»-ի հրատարակիչ Արթուր Կրեկ Զալցպըրկըրը եւ «Ղեկավարութիւնը այսօր» նախագիծի գլխաւոր տնօրէն Տանիէլա Պալոու Աարեսը:
Նշենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 20-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Զուիցերիա` Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովին մասնակցելու նպատակով: Համաժողովին ծիրէն ներս կը նախատեսուին ՀՀ վարչապետի երկկողմ եւ բազմակողմ շարք մը հանդիպումներ այլ պետութիւններու ղեկավարներու, միջազգային կազմակերպութիւններու, գործարար ընկերութիւններու ներկայացուցիչնեպու հետ: Տաւոսի մէջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու ոչ պաշտօնական հաւաքին (IGWEL) եւ Համաշխարհային քաղաքացիական համագումարին: Զուիցերիոյ Զիւրիխ քաղաքին մէջ կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Զուիցերիա-Հայաստան առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչներու եւ զուիցերիացի գործարարներու հետ:






