Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Մակունցի Կարծիքով՝ ԱԱԾ-ը Եւ Ոստիկանութիւնը Պէտք Չէ Դառնան Նախարարութիւններ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ 7-րդ գումարումի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը նպատակայարմար չի համարեր, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ու ոստիկանութիւնը վերածուին նախարարութիւններու: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Մակունցը ըսաւ Ազգային ժողովի՝ Յունուար 21-ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցին:

«Մեր դիրքորոշումը այն է, որ այդ կառոյցները պէտք է հաշուետու ըլլան խորհրդարանին: Խորհրդարանը այսօր արդէն ունի այն լծակները, որպէսզի կարենայ զանոնք հաշուետու պահել: Եթէ մենք մեր առջեւ նպատակ կը դնենք, որպէսզի այդ կառոյցներուն աւելի հաշուետու պահենք, ապա պէտք է այդ միջոցները գտնելու շուրջ քննարկումներ ունենանք միւս խմբակցութիւններու մեր գործընկերներուն հետ: Ոստիկանութիւնն ու ԱԱԾ-ը պէտք չէ վերածուին նախարարութիւններու եւ պէտք չէ ունենան քաղաքական ուղղուածութիւն»,- ըսաւ Լիլիթ Մակունցը:

Ան նշեց, որ իրենք խմբակցութեան մէջ կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու հարցը չեն քննարկած: 

«Իմ քայլը խմբակցութեան մէջ կառավարութեան նոր կառուցուածքային փաթեթը դեռ չէ քննարկուած այն պարզ պատճառով, որ վերջնականապէս չեն գիտենք, թէ ի՛նչ փաթեթի հետ գործ պիտի ունենանք: Նախարարներու մեծ մասը արդէն նշանակուած է, բայց մենք չենք գիտեր, թէ մի քանի նախարարութիւններու ձեւաչափը ինչ պիտի ըլլայ: Այդ պարագային չենք կրնար քննարկումները սկսիլ»,- նշեց պատգամաւորը:

Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարումի Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի օրակարգին ներառուած կէտի՝ կառավարութեան կառուցուածքը փոխելու հարցին վերաբերեալ նախագիծը դեռ ԱԺ չէ ներկայացուած:

«Կառավարութեան կառուցուածքին եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի մինչեւ այժմ հրապարակուած նախագիծին համաձայն՝ նոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւ նախարարներէ: Կը կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը: Նախագիծով կը նախատեսուի ունենալ հետեւեալ 12 նախարարութիւնները.

 

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն

Առողջապահութեան նախարարութիւն

Արդարադատութեան նախարարութիւն                              

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն

Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Բնապահպանութեան նախարարութիւն

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն

Պաշտպանութեան նախարարութիւն տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներ նախարարութիւն

Բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութիւն

Տնտեսական զարգացման եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն

Ելեւմտական նախարարութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին