Կիրակի, 29. 06. 2025

spot_img

Կեանքը՝ Շան Աչքերով, Կամ Գրականութիւնը Ի Զօրու Է Փոխելու Մարդուս Ապրելակերպը. Լեւոն Նեսի «Նորամուտ»-ը

Պալզաքը խոհեմ եւ իմաստուն շուն է: Անսովոր անուն է շան համար, բայց վերջինս օժտուած է գրական անժխտելի ձիրքով, իսկ փաստերուն դէմ երթալը անպտուղ գործ է: Այսպէս կը սկսի Լեւոն Նեսի «Պալզաք. մի շան պատմութիւն» գիրքի սեղմ բնութագրումը: Այս գիրքին մէջ հեղինակը փորձած է մարդուն նայիլ կենդանիի` շան աչքերով: Հարցերը ու ոչ այնքան սփոփիչ հետեւութիւնները անխուսափելի են. արդեօք կենդանին երբեմն աւելի բանական չէ՞, քան մարդը: Թերեւս վերջինս պարզապէս իւրացուցա՞ծ է բանական արարածի իր բարձր տիտղոսը: Իսկ բանականութիւնը, որ մեր տեսակի կայացման նախապայմանն է, արդեօք թոյլ կու տա՞յ անվերապահօրէն արժանանալու մեր չորքոտանի բարեկամներու անսահման նուիրուածութեան ու հաւատարմութեան: «Արմէնփրես»-ի հեղինակային «Նորամուտ» նախագիծի հերոս երիտասարդ գրող Լեւոն Նեսի (Յովհաննիսեան)  հետ զրուցած ենք գրական դաշտ մուտք գործելուն, առաջին քայլերուն, Պալզաքի ու այլ հետաքրքրական հարցերու շուրջ:

Նես գրական կեղծանունը

Քանի որ իմ ազգանունս Հայաստանի ամենատարածուած ազգանուններէն է, ես որոշեցի ինծի համար կեղծանուն մը ընտրել: Կեղծանուն ընտրելու ժամանակ չէի ուզեր ինչ-որ փիլիսոփայական մտորումներու մէջ մտնել: Պարզապէս կրճատեցի ազգանունս: Եւ ստեղծուեցաւ «Նես»-ը:

 

Առաջին քայլեր

Կը դժուարանամ ըսել, թէ ինչպէ՛ս սկսայ գրել: Դպրոցը շարադրութիւններ գրելու ատեն միշտ ուղղագրութենէն «երկու» կը ստանայ, իսկ միտքերուս համար՝ «հինգ եւ աւելի»: Դպրոցը շատ լաւ չեմ սորված, բայց բոլորը բարձր կը գնահատէին իմ ստեղծագործութիւններուս միտքը եւ գաղափարները: Այդ առումով միշտ դրական արձագանգներ լսած եմ եւ հետագային զգացի, որ ի զօրու եմ քիչ մը աւելի ծաւալուն գործերով արտայայտելու այն ինչ պէտք է:

…Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատերի պետական հիմնարկը ուսանած եմ, շարժապատկերի բեմադրութեան բաժանմունքի խմբագրումի բաժինը: Մինչեւ օրս կը զբաղիմ հնչիւնային բեմադրութեամբ: Այս պահուն կ’աշխատիմ ալքոհոլի խանութ մը. ի հարկէ, ասիկա որեւէ առնչութիւն չունի գրականութեան հետ: Մինչ այդ 1.5 տարի աշխատած եմ գրախանութի մէջ: Ժամանակին, ինչպէս շատերը, կը մտածէի, որ հայ ժամանակակից գրականութիւն գոյութիւն չունի: Միայն գրախանութը աշխատելով հասկցայ, որ շատ սխալ պատկերացում ունիմ եւ, ինչու ոչ, ես անձամբ ալ կրնամ ինչ-որ չափով գրել փորձել: Ընթերցողներու արձագանգէն մեկնելով՝ կը հասկնամ, որ յաջողած փորձ կատարած եմ:

Սկիզբը՝ ռուսերէն

Առաջին երկու աշխատանքներս ռուսերէն էին, գրախանութը աշխատելու ժամանակ ռուսերէն «Шептун» («Շշնջացողը») վիպակս իմ անձնական միջոցներովս հրատարակեցի հրատարակչութեան մը մէջ: Առանձնայատուկ արձագանգ չեղաւ: Ես մանրակրկիտ չխմբագրեցի այդ գիրքը եւ որոշեցի վաճառքէն վերցնել չվաճառուած խմբաքանակը: Իսկ յաջորդ գիրքին վրայ աւելի լուրջ աշխատած էի:

Սկսայ ստեղծագործել ռուսերէն, քանի որ մեր տունը բոլոր գիրքերը այդ լեզուով էին: Միւս կողմէ՝ պէտք է ըսեմ, որ հայերէնի պարագային մենք կարեւոր խնդիր մը ունինք՝ շատ դասական կամ շատ խօսակցական հայերէններով գիրքերը բնական կերպով չեն կարդացուիր: Երբ շատ դասական գրուած է, դուն պատկերուածը չես ընկալեր իբրեւ իրական ապրում: Իսկ երբ շատ խօսակցական գրուած է, գռեհիկ կ’ընկալուի: Միջին տարբերակ դժուար է գտնել, բայց մենք ունինք նման հեղինակներ, որոնց մօտ այդ մէկը յաջողած է, օրինակ՝ Հրանդ Մաթեւոսեանը, Վարդգէս Պետրոսեանը… Հիմա արդէն հայերէն կը ստեղծագործեմ:

Թէ ինչպէս ծնաւ Պալզաքը

«Պալզաք. մի շան պատմութիւն» գիրքի առաջին էջին վրայ կրնաք տեսնել հետեւեալ գրառումը. «Իմ շան՝ Թրիքիի յիշատակին»: Անգլիացի անասնաբոյժ Հերիոթը պատմուածքներ կը հեղինակէր, եւ իր պատմուածքներէն մէկը շան մը մասին էր, որ շատ կ’ուտէր եւ այնքան չաղացած էր, որ քալել չէր կրնար: Ան մօտ երկու շաբաթ այդ շունը սոված պահեց, շունն ալ նիհարցաւ:  Հայրս այդ պատմուածքը շատ կը սիրէր, եւ մեր շան անունն ալ որոշեց Հերիոթի շան անունը դնել՝ Թրիքի:

Մեր շուրջը շատ դաժան վերաբերում կը տեսնենք շուներուն նկատմամբ: Պատճառը այն է, որ մենք չենք ընկալեր, թէ շունը ուղղակի ինչ-որ միսի կտոր չէ, կենդանի արարած է, մեզմէ պակաս չէ, որոշ հարցերու մէջ ալ աւելի է: Նպատակս էր, որ ընթերցողը շան աչքերով նայի կեանքին:

Իմ հերոսներէս մէկը, երբ շան անունը «Պալզաք» կը դնէ, կ’ըսէ. «Պալզաքին առանձապէս ծանօթ չեմ, միայն «Կոպսեք»-ը կարդացած եմ»: Ես ալ միայն այդ գործը կարդացած եմ: Երբ գիրքի կերպարներէն մէկը սուրճ կը պատրաստէ, սուրճը յատակին կը թափի, շունը կու գայ ու կը սկսի լպստել զայն: Գիտենք, որ Պալզաքը շատ սուրճ կը խմէր, ահա թէ ինչու շան անունը Պալզաք է: 

Պալզաքը նաեւ շուկայաբանութեան տեսանկիւնէն ճիշդ անուն է: Բայց անունը ինչ-որ չափով նաեւ խնդիր կը յառաջացնէ: Ծնողքը կը մտնէ գրախանութ, կ’ըսէ. «Ինծի գիրք տուէք երեխայիս համար»: Իմ գիրքս կ’առաջարկեն, իսկ ան կը պատասխանէ, որ իր երեխան Պալզաք կարդալու դեռ պատրաստ չէ:

 

Արգելք՝ ընտանիքի կողմէ

Հայ երիտասարդներուն մօտ բարդ խնդիր մը կայ, որ կապուած է ընտանիքի հետ: Երբ երիտասարդը կը փափաքի ոչ թէ բժիշկ, տնտեսագէտ, իրաւաբան դառնալ, այլ երաժշտահան կամ աստղագէտ, ընտանիքին մէջ բացասական վերաբերումի կը բախի: Նման մասնագիտութիւնները, ըստ շատերու ծնողներուն, պարզապէս ձիրգ են: Փառք Աստուծոյ, ես այդ խնդիրին չեմ առնչուած, զգացած եմ եւ կը զգամ ընտանիքիս աջակցութիւնը: Մերոնք միշտ կը քաջալերեն զիս, որ շարունակեմ ստեղծագործել:

 

Նոր հորիզոններ

Վերջերս վէպ մը գրած եմ, որ կը կոչուի «Ստախօսը», բայց դեռ բաւականին շատ թերութիւններ կան, պէտք է աշխատիմ անոր վրայ եւ որոշ փոփոխութիւններ կատարեմ: Ինծի համար ընդունելի չէ, որ գիրքը լաւ ըլլայ: Անիկա պէտք է շատ լաւ ըլլայ:

Նախագիծի հեղինակ՝ Ռոզա Գրիգորեան

Լուսանկարները՝ Գէորգ Պերկուպերկեանի

Բնագիրը՝ արեւելահայերէն

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

«Արմէնփրես»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին