Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ԵԽԽՎ-ն Փոխնախագահներ Ընտրած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի մեկնարկին ընտրուած են վեհաժողովի փոխնախագահները:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ԵԽԽՎ փոխնախագահներ ընտրուած Շուէտի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Պորիանա Ապերկը, Աւստրիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Վերներ Ամոնը, Լեհաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Վլատզիմիերզ Պերնացքին, Իսլանտայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ռոզա Պիորք ՊրինիոլՖսթոտիրը, Պելճիքայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Հենտրիկ Տայեմսը, Լիխթընշտայնի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սիւզան Էպերլի-Սթրապը, Միացեալ Թագաւորութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ռոճեր Կեյլը, Պուլկարիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ճեմա Կրոզտանովան, Թուրքիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աքիֆ Չաղաթայ  Քըլըչը, Սպանիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Քարմեն Լեյթէն, Լաթվիոյ ներկայացուցիչ Ինես Լիպինա Էկները, Իտալիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ալվիս Մանիերօն, Գերմանիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Անտրէաս Նիքը, Իռլանտայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Ճոզեֆ Օ՛Ռեյլին, Խորուաթիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սանիա Փութիքան, Զուիցերիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Շնայտեր-Շնայտերը, Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սամատ Սէիտովը, Ֆրանսայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Նիքոլ Թրիսէն:

ԵԽԽՎ փոխնախագահները ամէն տարի կ’ընտրուին հերթական նստաշրջանի մեկնարկին եւ կը պաշտօնավարեն մինչեւ յաջորդ նստաշրջանի բացումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին