«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Լիբանանի տրուզ հոգեւոր ղեկավարութեան անդամները վրդովում յայտնեցին երկրի նախագահութեան՝ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովին իրենց շարքերէն դուրս տրուզ համայնքի շէյխերէն մէկը հրաւիրելուն համար: Այս մասին հաղորդեց ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Լիբանանի մէջ տրուզ համայնքի հոգեւոր հարցերով կը զբաղի շէյխ Նայիմ Հասանը, որ միաժամանակ կը գլխաւորէ տրուզ համայնքի հոգեւոր խորհուրդը: Այնուամենայնիւ, զինք ոչ բոլոր տրուզները կ’ընդունին որպէս իրենց իսկական ներկայացուցիչը:
Այս առումով խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ պէտք էր առանձնապէս Հասանը հրաւիրուած ըլլար ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթաժողովին:
Թէեւ յայտարարութեան մէջ անուն չի նշուիր, սակայն տրուզ հոգեւոր ղեկավարութիւնը դէմ էր գագաթնաժողովին տրուզ համայնքի ընդդիմադիր շէյխ Նասրետտին Ալ Ղարիպի մասնակցութեան:






