Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Անգարան Մեղադրանք Առաջադրած Է ԱՄՆ Դիւանագիտական Առաքելութեան Նախկին Աշխատակիցին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ դատախազութիւնը մեղադրական եզրակացութիւն պատրաստած է Թուրքիոյ քաղաքացիի՝ Իսթամպուլի մէջ ԱՄՆ գլխաւոր հիւպատոսութեան նախկին աշխատակից Մեթին Թոփուզի նկատմամբ, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, հաղորդած է թրքական «Hurriyet»-ը։

2017-ի աւարտին, երբ ԱՄՆ կառավարութիւնը խոր անհանգստութիւն յայտնած է Թոփուզի ձերբակալութեան կապակցութեամբ՝ անոր դէմ մեղադրանքները համարելով անհիմն եւ Թուրքիոյ հետ գործընկերային յարաբերութիւնները խաթարող, երկու երկիրներու միջեւ ծագեցաւ անցագրային ճգնաժամ: Թոփուզը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը խախտելու, լրտեսական գործունէութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձի մէջ։

Մեղադրական եզրակացութեան համաձայն՝ Թոփուզը սերտ կապեր ունեցած է Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններու նախկին աշխատակիցներուն հետ, որոնք, Անգարայի կարծիքով, կապ ունին ընդդիմադիր, իսլամի քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի «FETO» կազմակերպութեան հետ։ Կը սպասուի, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ԱՄՆ դիւանագիտական առաքելութեան նախկին աշխատակիցին դէմ մեղադրական եզրակացութիւնը քննարկէ դատարանը։

Թուրքիոյ իշխանութիւնը «FETO» կազմակերպութիւնը կը մեղադրեն  2016 Յուլիսին տեղի ունեցած պետական յեղաշրջումի փորձի մեղսակցութեան մէջ։ Ինքը՝ ԱՄՆ գտնուող Կիւլենը, դատապարտած է յեղաշրջումի փորձը եւ մերժած մեղադրանքները։ Թուրքիան կը ձգտի ԱՄՆ-էն անոր արտայանձնումին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին