Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Պըրրի Կը Գնահատէ Պասիլը՝ Մուսա Սատրի Անհետանալու Փաստը Վերստին Բարձրաձայնելուն Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի գնահատեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլը՝ 1978-ին Ամալ շարժումի առաջնորդ Մուսա Սատրի՝ Լիպիոյ Հանրապետութիւն այցի ժամանակ անյայտ կորսուելուն կապակցութեամբ կատարած մեկնաբանութիւններուն համար:

Յիշեցնենք, որ Պըրրի եւ իր գլխաւորած Ամալ շարժումը, ամբողջովին դէմ են Լիբանան-Լիպիա յարաբերութիւններուն՝ իմամ Մուսա Սատրի՝ Մուամմար Կատաֆիի նախագահութեան օրօք Լիպիոյ Հանրապետութիւն այցի ժամանակ անյայտ կորսուելուն պատճառով:

«Որպէս պետութիւն՝ մենք ափսոսանք յայտնեցինք Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ ընկերատնտեսական զարգացման գագաթնաժողովին բացակայութեան առթիւ,- ըսաւ Պասիլ,- սակայն սա չի նշանակեր, որ Լիպիոյ Հանրապետութիւնը լիովին ազատուած է իմամ Մուսա Սատրի ճակատագիրը պարզելու իր պարտականութիւններէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին