Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը 2017 թուականին հիմնեց «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» Հիմնադրամը, արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը: Այս առիթով կը յայտնենք, որ կազմուած է հնգանդամ Գնահատիչ Մարմին, որը ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ վերջ, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի յայտարարէ 2019 Հոկտեմբերին` Հայ Մշակոյթի ամսուան փառաւոր հանդիսութեան օրերուն: Ինչպէս անցեալին, հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի 2018-ին իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն հինգական օրինակ և նոյնին համացանցային PDF տարբերակը մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլ 30-ը փոստով առաքել Տիկին Սօսի Նագգաշեանին:
Հասցէ` Sossie Naccashian 11848 Rue Filion, Montreal, Quebec, H4J 1T3 CANADA E-mail: n.sossie@yahoo.ca






