Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Գագաթնաժողովին Իրենց Շարքերէն Դուրս Տրուզ Շէյխի Մը Մասնակցութիւնը Վրդովեցուց Լիբանանի Տրուզ Համայնքի Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Լիբանանի տրուզ հոգեւոր ղեկավարութեան անդամները վրդովում յայտնեցին երկրի նախագահութեան՝ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովին իրենց շարքերէն դուրս տրուզ համայնքի շէյխերէն մէկը հրաւիրելուն համար: Այս մասին հաղորդեց ազգային լրատուական գործակալութիւնը:

Լիբանանի մէջ տրուզ համայնքի հոգեւոր հարցերով կը զբաղի շէյխ Նայիմ Հասանը, որ միաժամանակ կը գլխաւորէ տրուզ համայնքի հոգեւոր խորհուրդը: Այնուամենայնիւ, զինք ոչ բոլոր տրուզները կ’ընդունին որպէս իրենց իսկական ներկայացուցիչը:

Այս առումով խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ պէտք էր առանձնապէս Հասանը հրաւիրուած ըլլար ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթաժողովին:

Թէեւ յայտարարութեան մէջ անուն չի նշուիր, սակայն տրուզ հոգեւոր ղեկավարութիւնը դէմ էր գագաթնաժողովին տրուզ համայնքի ընդդիմադիր շէյխ Նասրետտին Ալ Ղարիպի մասնակցութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին